2016-04-23 13:38:00

Կարդինալ Սանտրի` ''Հայերը ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ հին ու նոր ցաւեր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առթիւ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին, անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած ճառին, հաստատեց թէ ''ոգեկոչումը միշտ ուղեւորութիւն մըն է, խոկալու անցեալի ցաւերու մասին, ու մարդկութեան դէմ գործադրուած չարիքներուն մասին, ոչ թէ անցեալին մէջ մնալու համար այլ, անդրադառնալով անցեալի ցաւալի եղելութիւններուն, նայելու դէպի ապագայ, դէպի աւելի լաւ ապագայ''։

Կարդինալ Սանտրի զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Ղարաբաղեան մարտերուն եւ այս առընչութեամբ յոյս յայտնած է որ հարցը լուծումի հանգի` բանակցութիւններու ճանապարհով, միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ ու անոր հսկողութեան ներքոյ, յատկապէս Հայաստանի համար` որ ''այնքան սիրելի է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ''։ 

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը ապա ընդգծած է թէ ''Հայերը ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ հին ու նոր ցաւեր''։

Անդրադառնալով հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, յառաջիկայ 24-26 Յունիս, կարդինալ Սանտրի համայն հայ ժողովուրդին, ըլլայ Հայաստանի մէջ ըլլայ ի սփիւռս աշխարհ, մաղթած է որ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութիւնը ըլլայ բարեբեր պատգամ, պատգամ` աւելի ծաղկուն ապագայի, պատգամ յոյսի։

Կարդինալ Սանտրի հուսկ հաստատած է ''Կովկասը ըլլալու է կամուրջ մը որ Արեւելքը Արեւմուտքին կը միացնէ եւ ոչ թէ հակամարտութիւններու վայր''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.